2015-06-20 09:01:00

Գերապայծառ Թոզօ` Ֆրանչիսկոս Պապին շրջաբերականը ունի ''Pacem in Terris''-ի սլացքը։


(Ռատիօ Վատիկան) ‘’Մարդկութիւնը տակաւին ունի կարողութիւնը համագործակցելու մեր հասարակաց տան կերտումին’’, կը կարդանք ֆրանչիսկոս Քահանայապետի  “Laudato si”  բնապահպանութեան շրջաբերական թուղթին մէջ, որուն հրատարակութիւնը  ունեցաւ համաշխարհային բացառիկ շահագրգռութիւն։

Շրջաբերական թուղթին արժէքին մասին արտայայտուելով Faenza թեմին առաջնորդը` գերապայծառ Թոզօ, որ 2009-էն մինչեւ մի քանի ամիս առաջ քարտուղարը եղած էր Արդարութիւն եւ խաղաղութիւն քահանայապետական խորհուրդին, որ մեծապէս սատարեց վաւերաթուղթին պատրաստութեան համար, ըսաւ.  ''ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կ’ընթանայ “Խաղաղութիւն Երկրի վրայ’’ շրջաբերականի գիծին վրայ,  թուղթ մը յատկանշուած առողջ լաւատեսութենէ եւ ուղղուած ոչ միայն բարի կամք ունեցող մարդոց, այլ բոլորին` անխտիր։ Կենսոլորտի բարդութեան տագնապը ու անոր բազմազան դրդապատճառները կը պահանջեն նեցուկը բոլորին` հաւատացեալին եւ ոչ, գիտութեան ու կրօնի։ Երկրորդ, դիտել տուաւ գերապայծառ Թոզօ -  զիս տպաւորեց կլիմայ բառին

սահմանումը որպէս հասարակաց բարիք եւ յանդգնութիւնը սահմանափակումներ դնելու, որովհետեւ բաւարար չէ հռչակել տնտեսական ազատութիւնը ու բաղձալ ամբողջական բնապահպանում եթէ չեն ստեղծուիր հարկաւոր պայմանները զանոնք ընդունելու։

Դիմագրաւելով ամբողջական բնապահպանումի խնդիրի մը հարցերը, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը նախ եւ առաջ  ընդգծեց հարկաւորութիւնը  համաշխարհային համաձայնութեան մը հայող հողամշակոյթի, անտառային ու ծովային կենսամիջոցներու,  բոլորին խմուելիք ջուրի երաշխաւորումի։ Այդ ուղղութեամբ շտապ կարիք կայ միջազգային պայմանագիրերու լաւագոյնս կառավարելու հասարակաց բարիքը։ Հետեւաբար կարիքը կայ համաշխարհային քաղաքական ճշմարիտ Իշխանութեան մը, որ կը նշանակէ հարկաւորութիւնը բարեփոխելու ներկայ ՄԱԿ-ի կարգավիճակը, հաստատած է գերապայծառ Թոզօ։








All the contents on this site are copyrighted ©.